2015-04-29 09:46:00

''Քրիստոնեաները Միջին Արեւելիքի մէջ` Ի՞նչպիսի ապագայ'' միջազգային զրոյց։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 եւ 30 ապրիլին­, Իտալիոյ Պարի Քաղաքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ միջազգային զրոյց մը ''Քրիստոնեաները Միջին Արեւելիքի մէջ` Ի՞նչպիսի ապագայ'' վերտառութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցական ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Եւրոպական կառավարութիւններու ներկայացուցիչներ։ Զրոյցը կազմակերպուած է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պարիի Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ։

Երկու օրերու աշխատանքներու բացումը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի 29 ապրիլ 2015-ի ժամը 16-ին, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Պարի -Պիթոնթօ Թեմի Արքեպիսկոպոսը, գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Քաքուչչի, Արեւելաեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացօ եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղար` գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ։

Երեկոյեան` նախատեսուած է խաղաղութեան համար աղօթք Պարիի Սուրբ Նիկողայիսի անուան եկեղեցւոյ մէջ։

Հինգշաբթի օրուայ աշխատանքային նիստերու բացումը կը կատարէ Սանդ Էճիտոյ հասարակութեան հիմնադիր` Տիար Անտրէա Ռիքքարտին ապա ելոյթ կ՛ունենան Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքները` Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Եուհաննա Ժ.­, Ասորի Օրթոտոքսներու Պատրիարք Իքնատիոս Աֆրեմ Բ, Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Կրէկորիոս Գ Լահհամ­, եւ Ղպտի կաթողիկէներու Պատրիարք` Իպարհիմ Իսաաք Սիտրաք։ Ելոյթ կ՛ուենան նաեւ Իտալիոյ Արտգործ նախարար Տիար Փաոլօ Ճենթիլոնի եւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Փօլ Կալլակէր, իչպէս նաեւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Մեծն Պրիթանիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարական ներկայացուցիչներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.